2011-10-10 13:30:30

10 Հոկտեմբերը ՄԱԿէն Հռչակուած Մահապատիժի Համաշխարհային Օր` Դիմումնագիր Վերջ Տալու Մահապատիժի։


Մահապատիժի համաշխարհային 9-րդ օրուան առթիւ մահապատիժի դէմ գործող պատիժի ջնջման ի նպաստ քրիստոնեաներու կազմակերպութիւնը կը խնդրէ աշխարհի բոլոր քաղաքացիներէն, որ ստորագրեն մահապաիժի դէմ դիմումնագիրը։ Ստորագրութեան ժամկէտն է 31 օգոստոս 2012։
Յիշեցնենք որ մահապատիժը հակառակ է մարդկային արժանաւորութեան, եւ անգամ մը որ գործադրուի անվերադարձ կը մնայ։
Աշխարհի մէջ տակաւին 58 երկիրներ կը կիրարկեն մահապատիժը։ 2010-ին շուրջ 23 երկիրներու մէջ 527 հոգիներու դէմ գործադրուեցաւ մահապատիժը առանց հաշուելու Չինաստանը ոիր գաղտնաբար մահապատիժի ենթարկուած են աւելի քան հազար հոգի։ Վերջին մահապատիժներու մեծագոյն թիւը գործադրուեցաւ Սաուտ Արաբիոյ, Հիւսիսային Քուրիայի, ԱՄՆի, Իրանի ու Եամանի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.